Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` 4 դեկտեմբերին թուիթը, Տիեզերական Ժողովի '' Inter
Mirifica'' Վաւերաթուղթի հրատարակումի 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
4 դեկտեմբեր 1963-ին Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետը հրատարակեց, Ընկերային Հաղորդակցութեան
միջոցներու հայող` Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ''Inter Mirifica" Վաւերաթուղթը։ Այս
առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը` ''50
տարի առաջ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը խօսեցաւ հաղորդակցութեան մասին։ Ունկնդրենք,
երկխօսութիւն կատարենք եւ Քրիստոսը տանինք բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք կեանքի ուղեւորութեան
ընթացքին։